2017-01-21 10:53:00

Վարչապետը` Ուսանողներուն.''Եղէ՛ք անկախ եւ սիրեցէ՛ք ձեր Հայրենիքը''։


Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 20 յունուարին այցելած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, շրջագայած է կրթական հաստատութեան մէջ, ծանօթացած անոր ընթացիկ գործունէութեան, ուսումնառութեան պայմաններուն եւ ծրագիրներուն: Ան նաեւ այցելած է համալսարանի գրադարան, որ կը սպասարկէ ո՛չ միայն ուսանողական եւ դասախօսական անձնակազմին, այլ բաց է նաեւ հասարակութեան համար, ուսանողներու արձանագրութեան բաժին, նախաձեռնութիւններու ու համաժողովներու համար նախատեսուած «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» սրահ, տարրալուծարան, զրուցած է աշխատակիցներուն հետ եւ հետաքրքրուած անոնց աշխատանքներով:

Վարչապետը ընդգծած է, որ որակեալ կրթութիւնը երաշխաւորելով եւ հաւասար պայմաններ ստեղծելով, երկրին մէջ անպայման յառաջընթաց կ՛արձանագրուի: «Սակայն մեր նպատակը պարզապէս յառաջընթացը չէ, խօսքը այնպիսի յառաջընթացի մասին է, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի նկատէ իր առօրեայ կեանքի որակի բարձրացումը», ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Այնուհետեւ ան հանդիպում ունեցած է համալսարանի ուսանողներուն հետ ու պատասխանած անոնց հարցումներուն: Վարչապետը նշած է, որ տպաւորուած է Ամերիկեան համալսարանով, անոր ուսումնառութեամբ եւ տեղեկացուցած, որ համալսարանի ղեկավարութեան հետ քննարկած են կրթական համակարգին մէջ արձանագրուած զարգացումները, Ամերիկեան համալսարանի հետագայ գործունէութեան, հոն առկայ մթնոլորտը հայաստանեան միւս բարձրագոյն կրթական կառոյցներուն մէջ եւս ստեղծելու կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ներդրումներու համար աւելի գրաւիչ պայմաններ ստեղծելու վերաբերող հարցումի մը` գործադիրի ղեկավարը նշած է, որ գործարարութեան ներգրաւման համար պէտք է գոյութիւն ունենան հասկնալի, թափանցիկ, վստահելի եւ կանխատեսելի պայմաններ` հարկային, մաքսային, դատական համակարգերուն, օրէնսդրական դաշտին մէջ: «Այս պահուն անոր համար ունի՞նք իտէալական միջավայր, վստահաբար` ոչ: Մենք ունինք ծրագիր, թէ քայլ առ քայլ ինչպէ՛ս պէտք է յառաջ երթանք: Աւելի՛ն, վերջերս ստեղծած ենք Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն, որուն հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ են` Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, սփիւռքէն, որուն միջոցով ձեւաւորած ենք մեր ռազմավարութիւնը, տեսլականը, բարեփոխումները», շեշտած է վարչապետը` աւելցներով, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի ներկայացուին տարբեր մարզերու մէջ ակնկալուող ներդրումային ծրագիրները:

Խօսելով հայաստանեան կրթական համակարգը արտասահմանցի ուսանողներուն համար գրաւիչ դարձնելու հարցին մասին` վարչապետը նշած է, որ ատիկա ընելու համար Հայաստանի կրթական համակարգը պէտք է ըլլայ ժամանակակից եւ փոխներգործօն: «Մեր քով  կրթութիւն ստանալու առաջին գրաւականը լաւ կրթական համակարգն է եւ ատիկա նախ եւ առաջ կարեւոր է մեր զարգացման համար: Եթէ կարենանք օրէնսդրական, ենթակառուցուածքներու դաշտը այնպէս դարձնել, որ օտարերկրեայ մարդը ինքզինք ապահով զգայ Հայաստանի մէջ, այդպէս ալ կ՛ըլլայ: Անոր համար պէտք է քրտնաջան աշխատիլ: Ես համոզուած եմ, որ այդպէս ալ պիտի ըլլայ»:

Փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է միջավայրի փոփոխութիւնը եւ նշած, որ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ է լայնածաւալ աշխատանք տանիլ:

Ուսանողները վարչապետին հարցուցած են, թէ ի՛նչ խորհուրդ կու տայ շրջանաւարտներուն. Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. «Եղէ՛ք անկախ, աշխուժ եւ սիրեցէ՛ք ձեր հայրենիքը: Ձեզի կը մաղթեմ  յաջողութիւն, համոզուած եղէք, որ մեզի համար մեր երկրէն լաւ երկիր չկայ, եթէ մեր երկիրը ունի թերութիւններ, անոնք մենք պէտք է շտկենք»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.